2014-12-25 10:44:57

''Ով որ կ՛արհամարհէ մարդը Աստուծոյ բնաւ չէ հանդիպած''` Բարթողոմէոս Ա։


(Ռ.Վ 25 դեկտեմբեր 2014) Բարթողոմէոս Ա` Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքը, Ծննդեան իր պատգամին մէջ յայտնած է թէ ով որ մարդը կ’արհամարէ բնաւ չէ ճանչցած ու չէ հանդիպած Աստուծոյ։
''Չկայ հոգեւորականութիւն մը, կրօնք մը առանց անհատին հանդէպ սէրը։ Մարդը արհամարհող ոչ մէկ քաղաքական, ընկերային գաղափարախօսութիւն մը կամ կրօնք մը գոյութիւն ունի, քանի մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն։ Ով որ կը սպանէ կամ կ՛արտօնէ անհատին սպանութիւնը անիկա բնաւ չէ ճանչցած Աստուած'', կը գրէ Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքը Ծննդեան իր պատգամին մէջ։
Օրթոտոքս եկեղեցին օր ըստ օրէ կը հետեւի բռնութեան ու բարբարոսութեան աճող ալիքին, որ կը շարունակէ մահ սփռել աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ ու մասնաւորապէս Միջին Արեւելքին մէջ սպաննելով, յանուն կրօնի, բնիկ քրիստոնեաները։
''Էմմանուէլը մեր մէջ եկաւ ու բնակեցաւ մեզի սորվեցնելու Հօր Աստուծոյ սէրն ու ողորմածութիւնը։ Սէրը միայն կարող է յաղթահարել բռնութիւնն ու ամբարշտութիւնը։ Մաղթանքս է որ ամէնքը ունենան շնորհքը յարգելու անհատին արժէքը ու վերջ տրուի բռնութեան բոլոր երեւոյթներուն'' յայտնած է միշտ Կ.Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.